Մուտքի մէջ > ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր,

Մեր Սուրբ Նահատակաց յիշատակի մեծ օրն է 24 Ապրիլը։  Այս օրը կը նշէ Քրիստոսի սուրբ  հաւատքին յաղթանակը մահուան եւ ապականութեան, մանաւանդ բարոյական եւ հոգեկան մահուան վրայ։ Նշելի է մեծ գոհունակութեամբ որ Հայաստանեայց Առաքելան Սուրբ Եկեղեցին պաշտօնապէս ճանաչած է այդ Նահատակութեան քրիստոէնական մարտիրոսութեան համգամանքը։

Մեր պանծալի Նախնիքը նախընտրեցին մահը քան ուրացումը, մարտիրոսութիւնը՝ քան թէ հաւատուրացի, ազգուրացի սեւ խարանով շարունակուելիք տխեղծ կեանքը։ Անոնք նահատակուեցան իրենց հայ ինքնութեան համար, որ անխզելիօրէն կապուած է, մեր պատմութեան, մշակոյթին եւ արժեհամակարգին շաղախումով, Տէր Յիսոսի, Տէր Քրիստոսի մեր առհաւական խոր հաւատքին։ Արդարեւ, անոնք որ հաւատափոխ եղան, յոյժ մեծագոյն մասամբ, ազատեցան մահուան արհաւիրքէն։

Մեր Նահատակները հաւատացին խորապէս մեր մեծ Պատմիչ, Վարդանանց յաղթական հերոսամարտին դիւցազներգու, երիցս երանեալ Եղիշէի պատգամին՝ Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է։ Համոզում, որով թրծուած եւ ոգեշնչուած՝ Վարդանէն մինչեւ Վահան երկարող հերոսներու սերունդը ատենագրեց հաւատքի եւ ինքնութեան այդ վսեմ կոթողը, որ կը կոչուի Վարդանանց հերոսամարտ։

Այս պատճառով է որ Ամենայն Հայոց Հայրապետ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսը սրբադասեց Մեծ Եղեռնի պանծալի Նահատակները, որոնց ցուցաբերած օրինակը՝ հաւատքի, հաւատարմութեան եւ անվկանդ յոյսի պարծանք է ամէն հայու,  բայց նաեւ ամէն մարդու համար, որ կը հաւատայ մարդկային իրաւ արժէքներուն, սկզբունքի եւ ինքնութեան հաւատարմութեան, մարդուս արաժանապատւութեան։

Այս խոր համոզումներով ի սրտէ կը մաղթեմ, որ մեր Նահատակներուն հաւատքն ու յոյսը մեզի զօրավիգ կանգնին միշտ՝ մեր առօրեայի դժուարութիւններուն մէջ, մանաւանդ՝ գրեթէ բոլոր մարդկութեան համար տառապանքի, պատերազմական արհաւիրքներու, հիւանդութեան, վախի այս դժուարին օրերուն։

Սիրով, օրհնութեամբ եւ աղօթքով, մնամ հարազատօրէն ձերդ՝

Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան                                    

Իսթանպուլ, 23 Ապրիլ 2022