ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Յատուկ նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, մասնաւոր ուղեգնացութիւն մը պիտի կատարուի դէպի Թուրքիոյ Հարաւ Արեւելեան կողմը:
Սոյն ուխտագնացութեան ծիրէն ներս հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի նախ 3 Յունիսին ժամը 16:00-ին Տիյարպաքըրի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ, ապա Յունիսի 4-ին առաւօտեան 10:00-ին, Մարտինի Ս. Յովսէփ եկեղեցիին մէջ, յետ վերանորոգութեան՝ եկեղեցւոյ վերօծման արարողութեամբ։
Պտոյտի ընթացքին մասնաւոր այցելութիւն պիտի տրուի Կազիանթէփի երբեմնի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ Հռոմկլայի պատմական Կաթողիկոսարանին՝ եռամեծ Հայրապետ Ս. Ներսէս Շնորհալիի սրբագործած վայրերուն եւ Սուրբի դամբանին, անոր յաւերժութեան փոխման 850-ամեակին առթիւ:
Նոյն ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, ակադեմական ժողով մը տեղի պիտի ունենայ «Տիգրանակերտ եւ Հայեր» խորագրով, Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի եւ Տիճլէ Համալսարանի համագործակցութեամբ, որու ընթացքին պիտի բանախօսեն Պրոֆ. Եըլտըզ Տեւեճի Պոզքուշ եւ Դոց. Դոկտ. Րիֆաթ Վետաթ Եըլտըրըմ։ Գիտաժողովին փակման խօսքը պիտի կատարէ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Ուխտագնացութեան վերջին օրը այց պիտի տրուի նաեւ Տէյրուլզաֆարան եւ Մօր Կապրիէլ Ասորի վանքերուն:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի
Իսթանպուլ 28 Մայիս 2023