Մուտքի մէջ > ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհի․ Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանի տնօրինութեամբ, մեր Համայնքի հաւատացեալներուն կրօնական կարիքներուն համապատասխանող եկեղեցական արարողութիւնները, եւ յատկապէս մկրտութիւն, պսակ եւ յուղարկաւորութիւն, յետ այսու պէտք է որ կատարուին մեր Առաջնորդարանի հովանաւորութեան պատկանող եկեղեցիներուն մէջ: Սոյն արարողութեանց վերաբերեալ բոլոր դիմում եւ խնդրանքները պէտք է ներկայացուին ուղղակի համապատասխան թաղի եկեղեցիներու ժողովրդապետներուն: Ներկայ կարգադրութեամբ չեղեալ կը նկատուին որեւէ անհատի կամ խումբի թերեւս նախապէս շնորհուած բոլոր առանձնաշնորհութիւնները։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ