Մուտքի մէջ > ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
25 Փետրուար 2022 թուականին Ընկերային հաղորդակցութան լրամիջոցներէն Դիմատետրի էջերուն վրայ եւ ազգային մամուլի որոշ ներկայացուցիչներու սիւնակներուն մէջ լուր ծաւալած է՝ թէ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Առաջնորդ Արհի․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան հրաժարած ըլլայ թեմական Առաջնորդի իր պաշտօնէն։ Այսու կը յայտարարենք թէ այս լուրը բոլորովին անհիմն է եւ Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան իր պաշտօնին գլուխը կը գտնուի։
Այս առթիւ կը փափաքինք միանգամայն յիշեցնել բոլորին՝ որ Վիճակիս վերաբերեալ լուրերու միակ հաւաստի աղբիւր պէտք է նկատուին ուղղակի Առաջնորդարանիս անունը կրող յայտարարութիւնները։