ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆ
haber tarihi: 2021-07-11
Երկար ժամանակ Ս. Պատարագի եւ արարողութեանց գոց եղող Թարապիայի Սուրբ Անտոն եկեղեցին, Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան օժանդակութեամբ եւ Պրն. Սերովբէ Չպուքեարեանի ջանքերով նորոգուեցաւ: Կիրակի 11 Յուլիսին, ժամը 11:00-ին Թարապիայի Սուրբ Անտոն եկեղեցւոյ մէջ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նահագահութեամբ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ առընթերակայութեամբ՝ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի եւ Տ. Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեանի, մասնակցութեամբ Կիսասարկաւագ Ժան Աճէմօղլուի, դպիրներ Ճան Եոնդանի, Լեւոն Եունքէսի եւ Չէթին Էօղմէնի, ինչպէս նաեւ դպրաց դասի անդամներուն, գլխաւորութեամբ Զաւէն Ակայի: Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պերնար Սարըպայ եւ հիմնարկի անդամ Պրն. ճան Միմարն ալ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին: Պատարագին մասնակցեցաւ Աբելողլու վաքֆի ատենապետ Ալէքս Քալփաքճեան: Օրթագիւղի թաղական խորհուրդի անդամներ տիկին Ժանէթ եւ Պետրոս Սիմսար, Տիկին Մարի Միմար, Աստուածածին վաքըֆէն Պրն. Ռաֆֆի Ալիք: Արհի Գերապայծառ Տէր իր քարոզին մէջ շնորհակալութիւնը յայտնեց հոգաբարձութեան ինչպէս նաեւ Պրն. Սերովբէին, եւ քաջալերեց բոլոր հոգաբարձութիւնները, որ բոլոր եկեղեցիները նորոգեն եւ դիկունք հանդիսանան եկեղեցական կեանքին: Մօտ օրէն Գերապայծառ Տիրոջ քարոզը պիտի հրատարակուի Ոսկեբերանի facebook-ի էջին մէջ: