Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Տօն Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին

Տօն Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին

haber tarihi: 2021-12-19

Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին, Թաքսիմի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան նախագահեց Ս. Պատարագին որ մատուցանեց Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան: Օրուան քարոզին մէջ Արհի. Գերապայծառ Տէրը օրուան տօնին կարեւորութիւնը բացատրեց: Ս. Պատարագի աւարտին Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Գերյ. Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեանին անոր քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակին առիթով նուէր մը յանձնեց եւ անոր մաղթեց երկար ու առողջ կեանք որպէսզի շարունակէ իր ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ապա Արհի. Գերապայծառ Տէրը բացումը կատարեց Առաջնորդարանի կայքէջին որուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ։ Կայքէջի հասցէն հետեւեալն է՝ armcatistanbul.org Ս. Պատարագին մասնակցեցան Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի եւ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը եւ անդամները եւ անոնց տիկինները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:


Galeri

example4 example