Ծաղկազարդի Տօն
haber tarihi: 2022-04-10
Ծաղկազարդի Տօնին առիթով Կիրակի, 10 Ապրիլին ժամը 11:00-ին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերեան եկեղեցւոյ մէջ Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեանի հանդիսապետութեամբ, Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի կողմէ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագին մասնակցեցան՝ Տ. Հայկ Արամ Չէքիչ, Տ. Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան, Ժան Կիսասարկաւագ Աճէմօղլու, դպիրներ՝ Ճան Եօնդան, Լեւոն Եունքէս եւ Վարդան Քէշիշեան: Երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան դպրաց դասը ղեկաւարութեամբ՝ Զաւէն Ակայի: Ս. Պատարագին եւ Ծաղկազարդի թափօրին մասնակցեցան Առաջին Հանդիսաւոր Հաղորդութեան պատրաստուող պատանիները իրենց քրիստոնէականի ուսուցչուհիին՝ Իրեմ Գասաքեանի հետ: Անոնք յատուկ մոմերով եւ ձիթենիի ճիւղերով Գերապայծառ Տիրոջ եւ կղերական դասին ընկերացան մինչեւ աւանդատուն: Կէսօրէ ետքն ալ ժամը 16:00-ին Դռնբացէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ: