Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի

haber tarihi: 2022-08-14

Սրբոյ Կուսին Վերափոխման տօնին առթիւ, Շաբաթ 13 Օգոստոսի երեկոյեան, Շողակաթի եւ Վերափոխման նախատօնակին առիթով, Իսթանպուլի ծովեզերեայ Սուրբ Պօղոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին, խաղողօրհնէք կատարեց տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, մասնակցութեամբ օգնական ժողովրդապետ՝ Տէր Հայկ Արամ Չէքիճեանի։ Ան իր քարոզին մէջ վեր առաւ օրուան խորհուրդը եւ Աստուածածնայ Վերափոխման իմաստը եւ ըսաւ. «Այս տօնը մեզի կը փոխանցէ կեանքի՛ն իմաստն ու վախճանը եւ թէ մեր կեանքին տէրը մենք չենք, այլ Արարիչն է, որուն պիտի յանձնենք դարձեալ մեր մահուան օրը։ Իսկ Մարիամ, որովհետեւ իր կեանքին ընթացքին միշտ Աստուծոյ կամքը կատարեց, ան արժանացաւ վերափոխման՝ Արարիչին կողմէն։ Ասիկա խոստումն է, որուն պիտի արժանանան բոլոր հաւատացեալները»։ Յաջորդ օրը՝ Կիրակի 14 Օգոստոսին, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ, խումբ մը հաւատացեալներ ուխտագնացութեան մեկնեցան դէպի Զմիւռնիայ եւ Եփեսոս, ուր, ըստ աւանդութեան, կը գտնուի Աստուածածնայ համեստ բնակարանը եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի գերեզմանը։ Կիրակի օրը, Հայր Վարդան Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Իզմիրի Սուրբ Յովհաննէսի նուիրուած Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Տէր Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեանի, «Ոսկեբերան» դպրաց դասի եւ Սուրբ Սեղանի սպասաւորներուն։ Տէր Յակոբ խօսք առնելով հաւատացեալներուն բացատրեց Զմիւռնիոյ Սուրբ Գրային աշխարհագրական կարեւորութիւնը եւ Յովհաննէս Աւետարանիչի աւանդը։ Նոյն օրը, հաւատացեալները առիթն ունեցան այցելելու Իզմիրի եկեղեցիները եւ տեսարժան վայրեր։ Յաջորդ օրը՝ 15 Օգոստոսին, Սուրբ Կոյս Մարիամի տան մօտ, մասնակցեցան լատինածէս սուրբ Պատարագին, որուն նախագահեց տեղւոյն Լատին Առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Հայր Մարթին Արք. Քմեթէչ, մասնակցութեամբ տեղւոյն կղերին եւ հիւր քահանաներուն, որոնց կարգին էին Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տէր Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան եւ Ժան կիսասարկաւագ Աճէմօղլու։ Երգեցողութիւնը կատարեց «Ոսկեբերան» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Զաւէն Ակայի։ Հոգեպարար այս ուխտագնացութիւնը վերջ գտաւ կէսօրուան ճաշով, Սելճուքի մէջ, ապա վերադարձան Իսթանպուլ։


Galeri

example4 example example