Երիտասարդական Հանդիպում Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ
haber tarihi: 2022-10-22
Շաբաթ 22 Հոկտեմբերին, ժամը 16:00-էն 20:30, Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական հանդիպում մը, որուն նիւթերն էին «Երիտասարդական Համաշխարհային Օրերը», որ պիտի ըլլան Լիզպոն 1-6 Օգոստոս 2023-ին եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հոգաբարձութիւններուն ընտրութիւններուն երիտասարդական մասնակցութիւնը։
Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ գործակցութեամբ Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հոգաբարձութիւններու։
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ սուրբ Պատարագով, որ մատուցանեց Լիբանանէն ժամանած՝ Գերապատիւ Հայր Կարապետ վրդ. Գըլընճեան, փոխ տեսուչ Զմմառու Ընծայարանին։ Սուրբ Պատարագէն ետք ներկաները երկու դասի բաժնուելով երեկոյեան ժամերգութեան սաղմոսները աղօթեցին, ապա յատուկ դիտաւորութիւններով առաջադրեցին միշտ «Աստուծոյ վստահիլ եւ չվախնալ», ինչ որ երեկոյեան այս աղօթքին նիւթը կը հանդիսանար։ Ապա բոլոր ներկաները պարտէզ հրաւիրուեցան եւ օրուան նիւթերու շուրջ հարցում պատասխանի մօտ երկու ժամ անցուցին։
Այս հանդիպումին սկիզբը, Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ կարդաց Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանի պատգամը, ուր Գերապայծառ Տէրը կ՚ըսէր. «Սիրելի, թանկագին երիտասարդներ, Երիտասարդութիւնը հեւք է, խանդ է, աւիւն է, կեանք է։ Դուք այսօր հաւաքուած էք այստեղ, Օրթագիւղի մեր պատկաման եկեղեցիին մէջ, նախ եւ առաջ նորոգելու համար ձեր մկրտութեան ուխտը, երիտասարդական ձեր վերանորոգ յօժարութեամբ, պատրաստուելու համար՝ հետեւելով Սրբազան Քահանայապետ Փրանկիսկոսի կոչին՝ հանդիպելու յառաջիկայ Օգոստոսին, Լիզբոնի մէջ, բովանդակ աշխարհի քրիստոնեայ երիտասարդութեան հետ, կիսելու համար բոլորին հետ միասնաբար ձեր փափաքները, տենչերը, երազները, տեսիլները ու, մանաւանդ, աղօթքը։ Շարունակեցէ՛ք այն միեւնոյն ոգիով, որ ձեզ հրաւիրեց, հաւաքեց այստեղ։ Նման պահեր նաեւ գեղեցիկ առիթներ են՝ նոր ծանօթութիւններ հաստատելու, որոնք կրնան, ինչո՞ւ չէ, առաջնորդել նաեւ քրիստոնեայ, հաւատացեալ նոր բոյներ կազմելու։ Ի սրտէ կը մաղթեմ բոլորիդ Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն լիառատ օրհնութիւնները, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչին զօրութիւնը եւ անպարտելի ոյժը, մեր Երկնաւոր Մօր Ս․ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի մայրական հովանիին անպակաս ներկայութիւնը ձեր գլուխներուն վրայ։ Աստուած օրհնէ բոլորդ։ Իմ օրհնութիւնս եւ աղօթքս ալ ընկերակցին ձեր բոլոր քայլերուն»։
Պատգամին ընթերցումէն ետք, առաջին միջամտութիւնը կարատեց Փրոֆ. Դոկտ. Թորոս Ալճան, որ մասնագէտ է ատամնաշարի եւ բերնի հարցերու եւ դասախօս է Իսթանպուլի զանազան համալսարաններու մէջ։ Ան ազգային գործիչ է ու գործօն անդամ՝ հայ իրականութեան մէջ, ի մասնաւորի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ներկայ հոգաբարձութեան մէջ։ Ծառայած է նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու Միութեան որպէս ատենապետ։
Ան նախ իր փորձառութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն, եւ քաջալերեց, որ տէր կանգնին վաքըֆներու իրականութեան, որովհետեւ անոնք ազգային եւ համամարդկային արժէքներ են։ Անոնք կարեւոր կառոյցներ են, որոնք մեր անցեալէն եկած են եւ կը ծառայեն մեր ներկային եւ պիտի ծառայեն ապագային։ Անոնց տէր կանգնիլ կը նշանակէ ծառայել համայնքին եւ պահպանել այդ արժէքները։ Ապա երիտասարդներուն ներկայացուց երիտասարդ ատամնաբոյժ վիրաբոյժ՝ Դոկտ. Շանթը, որ իր կարքին պատասխանեց թէ ինչու երիտասարդ մը պարտի հայ հոգաբարձութեան մէջ ծառայել։ Ապա խօսք առին Տեսդինայ եւ Արտայ Քանդիք երիտասարդ փաստաբանները, որոնք իրենց կարգին բացատրեցին իրաւական եւ պետական օրէնքները եւ թէ ինչպէս եւ ուր պիտի կատարուին այս ընտրութիւնները։ Անոնք իրենց անձնական եւ համայնքային փորձառութիւններն ալ փոխանցեցին երիտասարդութեան։
Այս նիւթին շուրջ երիտասարդները շատ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին եւ հարցումներ ունէին, որոնց պատասխաններն ալ նոյնքան հետաքրքրական էին։
Օրուան երկրորդ նիւթն էր Երիտասարդական Համաշխարհային Օրերը, որ պիտի կատարուին Լիզբոնի մէջ, Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութեամբ, 1-6 Օգոստոս 2023-ին։ Այս մասին խօսք առաւ Հայր Կարապետ վրդ. Գըլընճեան, որ հիւրաբար Պոլիս ժամանած էր Լիբանանէն։ Հայր Կարապետ նախ բացատրեց Լիզբոնի Հանդիպումին խորհրդանշանը, որմէ մեկնելով տուաւ նաեւ այդ օրերուն հոգեւոր կարեւորութիւնը։ Ապա անդրադարձաւ այդ օրերուն լոզունքին մասին, որ Ղուկասի Աւետարանէն մէկ համար մըն է, որ կ՚ըսէ. «Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ ու գնաց...»։ Այս փութով երթալու մասին Հայր Սուրբը անդրադարձաւ ըսելով, որ բոլոր երիտասարդները ունենալու են Մարիամի այս խանդը, որ կու գայ երիտասարդ հաւատքէն եւ Աստուծոյ վստահելէն։ Վստահինք Աստուծոյ, որ մեզի հետ պիտի ըլլայ միշտ, բայց նաեւ մեր հաւատքը գործնական արարքներու վերածենք ըսաւ վարդապետը։ Շատ երիտասարդներ փափաք յայտնեցին միասին Լիզբոն երթալու, այս գեղեցիկ փորձառութիւնը ապրելու համար։
Ձեռնարկը վերջ գտաւ հացի մէջ «սուճուք»ի եւ «քէօֆթէ»յի հիւրասիրութեամբ, որ երիտասարդները պատրաստած էին։
Մասնակիցները ժամադրուեցան 13 Նոյեմբերին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ տօնին առթիւ դարձեալ տեսնուելու եւ պատրաստելու Ծննդեան հանդէսը։