Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեանին Թաքսիմ Մզկիթի Այցը
Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեանին Թաքսիմ Մզկիթի Այցը
haber tarihi: 2022-12-05
Երկուշաբթի 5 Դեկտեմբեր 2022, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Իսթանպուլի եւ Թիւրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, ընկերակցութեամբ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, այցելեց Թաքսիմի Մզկիթը եւ Իսլամական Մշակոյթի եւ Արուեստի կեդրոնը, ուր ընդունուեցաւ ընդհանուր տնօրէն Մուհամմէտ Ֆուրքան Կիւմիւշի եւ մզկիթի իմամ՝ Եաքուպ Աքթաշի կողմէն։ Գերապայծառ Տէրը եւ վարդապետը հանդիպեցան նաեւ երգող մուէզզիններուն եւ պաշտօնէութեան հետ։ Մէկ ժամ տեւող այս հանդիպման ընթացքին ծանօթացան այս նորակառոյց (28 Մայիս 2021) մզկիթին հոգաբարձութեան գործունէութիւններուն, շինարարական կառոյցին ու մանրամասնութիւններուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն։