Սուրբ Ծննդեան Տօնին Առիթով Սուրբ Պատարագ
haber tarihi: 2022-12-25
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Կիրակի, 25 Դեկտեմբերին ժամը 10:30-ին, Սաքըզաղաճը, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հանդիսապետութեամբ, Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեանի կողմէ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագի ընթացքին Կիսասարկաւագ Վարդան Քէշիշեանի սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ: Կէսօրէ ետք, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, քահանայից եւ հոգաբարձութիւններու ներկայացուցիչներու հետ ընդունեցաւ՝ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչ Տիմիթրի Քհնյ. Մայօղլու, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Օրհան Չանլը, Իսթանպուլի Քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Նիլիւֆէր Թաշքըն, Պէյօղլույի Քաղաքապետը Հայտար Ալի Եըլմազ, Շիշլիի Քաղաքապետը Մուամմէր Քէսքին, Գատըգիւղի Քաղաքապետը Շերտիլ Տարա Օտապաշը, Կղզեաց Քաղաքապետը Էրտէմ Կիւլ, Հ.Տ.Բ. Երեսփոխան Հիւտա Քայա, Պէյօղլու Սուրբ Ղազար հայ կաթողիկէ մխիթարեան վանք եւ վարժարանի հին հոգաբարձութեան ատենապետը Տիկին Ռիթա Նուրնուր, Սուրբ Գիրքի Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասու եւ զանազան ներկայացուցիչներ: