Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով Ս. Պատարագ
haber tarihi: 2023-01-06
Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ուրբաթ, 6 Յունուարին ժամը 10։30-ին (2023) Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ Արհի Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հանդիսապետութեամբ, Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի կողմէ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօհնէք կատարուեցաւ։ Պատարագի ընթացքին դպիր Լեւոն Եունքէս կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան՝ Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան, Տ. Հայկ Արամ Չէքիչ, Տէր Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան, Տէր Վարդան Սարկաւագ Քէշիշեան, Կսրկ. Ժան Աճէմօղլու, դպիրներ Ճան Եոնդան եւ Չէթին Էօղմէն եւ Զաւէն Ակայի ղեկավարութեամբ դպրաց դասի անդամները սպասարկեցին սուրբ Պատարագին։ Պատարագի աւարտին Հաւատացեալները եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան։ Օրուան սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի պաշտօնը առաւ պատանի Ստեփան Ուղուրկէլ։