ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ԵՐԵԿՈՅ
haber tarihi: 2023-01-28
Շաբաթ 28 Յունուար 2023, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Եկեղեցիներու Միութեան համար Աղօթքի Շաբթուան փակման առիթով, Իսթանպուլի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթքի երեկոյ մը, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով եկեղեցականներ։ Հաւատացեալ ժողովուրդն ալ աննախընթաց բազմութեամբ լեցուց Իսթանպուլի կեդրոնին մէջ գտնուող պատմական այս եկեղեցին, որ կառուցուած է 1863-ին, Պոլսոյ Արքեպիսկոպոսական Նախագահ թեմի համայնքաւորներու նուիրատուութեամբ եւ օծուած՝ այն օրերուն Առաջնորդ Անտոն Արք. Հասունի կողմէ։
Արարողութիւնը մասամբ քաղուած էր Խաղաղական Ժամերգութենէն։ Երգուեցաւ «Քրիստոս ի մէջ», որուն յաջորդեց օրուան յատուկ Սուրբ Աւետարանի հատուածին ընթերցումը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէն կատարեց Արժ. Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանը։ Օրուան պատշաճ քարոզը արտասանեց Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ կը հիւրընկալէր այս երեկոն։
Ան ըսաւ. «Խօսքս կ՚ուզէի սկսիլ մեր երկրի հողերուն վրայ ծնած ու մեծցած, քրիստոնէական մշակոյթի ու աստուածաբանութեան բարձունքներուն կանգնած Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի շատ սուր խօսքերով։ Սուրբ Ներսէս իր այս խօսքով կը դիմէ աւելի քան քառասուն հայ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրմէ շատ աւելի մեծ էին տարիքով եւ հաւաքուած էին Եփրատի մօտ գտնուող Հռոմկլայի մէջ, պատմական Հայաստանի սահմաններուն վրայ։
«Տեսէ՛ք, եղբայրնե՛ր, տեսէ՛ք, մեր խելագարութիւնը ուր հասեր է։ Մենք՝ հայերս, յոյները, ասորիները, հեշտութեամբ միասին կ՚ուտենք մեր սեղանին դրուած հացը։ Մենք տարբերութիւն չենք դներ յունական հացին, հայկական հացին, ասորական հացին միջեւ։ Բայց այդ պահէն երբ նոյն հացին վրայ կը կարդանք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սուրբ անունը եւ այդ պարզ հացը կը դառնայ մեր Տիրոջ իսկական մարմինը, հայը չի սիրեր յոյնի օրհնած հացը, յոյնը՝ հայի օրհնած հացը, իսկ ասորին չի սիրեր միւսներուն օրհնած հացը։ Ըլլան յոյները, հայեր, թէ ասորիներ, անոնք կը խուսափին միւսերուն օրհնած հացէն, հեռու կը մնան, կը հրաժարին այդ նոյն հացի հետ որեւէ յարաբերութիւն ունենալէ։ Սիրելի եղբայրներ մեր այս խելագարութեան սահման չկայ…»:
Ներսէսի այս մէջբերուած խօսքերը, կը կարծեմ, ըսաւ քարոզիչը, պէտք է խրախուսեն բոլորս եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը, նոյնիսկ բոլոր քրիստոնեաները, լրջօրէն եւ խորապէս մտածելու եւ նկատի առնելու այդ խօսքերը։
Ապա Համամիութենական շարժումի պատմականը ընելէն ետք, Արհի. Գերապայծառ Տէրը ըսաւ. «Մենք մէկ ենք։ Անհասկնալի է ըսել, որ մենք բաժանուած ենք, կամ մենք «բաժանուած եղբայրներ ենք»: Աւելի ճիշտ է ըսել, մենք տարբեր ենք։ Այո, բայց քրիստոնէական հաւատքը, որ ես կը դաւանիմ, նոյն հաւատքն է, որ կը դաւանի Սոլովյէվ։ Ես չեմ կրնար ընդունիլ, որ Եկեղեցին պառակտուած է: Քրիստոսի եկեղեցին մէկ է։ Կրնայ ըլլալ որոշ բաժանումներ կան։ Բայց ասիկա առանձին խնդիր է: Մենք պէտք է գերազանցենք այս բոլորը, քանի որ Եկեղեցին մէկ է: Քրիստոսի Եկեղեցին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ միայն մէկ կրնայ ըլլալ, մէկ եւ միասնական:
Արհիապատիւ Առաջնորդ Հայրը վերաջապէս անդրադարձաւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու իրականութեան մասին եւ շեշտեց թէ անոնք Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէկ մասը չեն եւ կարեւորեց անոնց ինքնութիւնը եւ յատկութեանց արժէքը։
Ան իր խօսքը աւարտեց Ղեւոնդեանց տօնի շարականի այս տողերով՝
«Հեղմամբ արեան սրբոց գոց հօտապետաց զեկեղեցւոյ քո ցրուեալ մանկունս ժողովեա՛ յուրախութիւն զվարատեալս տրտմութեամբ եւ արտասուաց յորդահոս բղխմամբ փրկութեան մերոյ պարգեւաց բաշխող»։
Արարողութեան մասնակցեցաւ Պոլսոյ Հայ Առաքելական Աթոռի գահակալ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը, ընկերակցութեամբ Հ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւագ Քահանայ Ուզունեանի։ Յունաց Պատրիարքարանի ներկայացուցիչն էր Տէր Պսֆորիուս, որուն կ՚ընկերանար Տ. Տիմիթրի Քահանայ Մայօղլու։ Ասորի Ուղղափառաց Առաջնորդի ներկայացուցիչն էր Արժ. Տ. Միհայիլ Քահանայ Թէօրէ եւ Հայր Մէլքի Աքիւզ, Ղպտի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչն էր Հայր Մարկոս Ֆաուզի Մուսա Մանսուր եւ Եւթոպական Եկեղեցիէն երկու քահանայ ներկայացուցիչներ։ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայացուցիչն էր Պատուելի Ալի Քալքանտելէն, որ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն առաջ կարդաց օրուան յատուկ Սաղմոսը։
Այս երեկոյին մասնակցեցան նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս Լատին Եկեղեցւոյ Առաքելական Փոխանորդը՝ Արհի. Տ. Մասսիմիլիանոյ Փալինուրոյ, Քաղդեաց Եկեղեցւոյ Առաջնորդը՝ Արհի. Տ. Րամզի Արք. Կարմու, Ասորի Կաթողիկէ Առաջնորդը՝ Արժ. Տ. Օրհան Աւագ Քահանայ Չանլը, որուն կ՚ընկերանար Արժ. Տ. Ճիմի Քահանայ Սերքէք։ Արժանի է յիշուելու մասնակցութիւնը Սուրբ Գրքի ընկերակցութեան Տնօրէնուհի՝ Թամար Քարասուի եւ «Մարթին Պուխէր» Աստուածաբանական դասընթացնքերու Տնօրէն՝ Պեհնան Գոնութգանի։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ այս տարի կը հիւրընկալէր Համամիութենական Աղօթքի Շաբթուան փակման արարողութիւնը, կատարեց զայն հանդիսադրութեամբ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, մասնակցութեամբ Ս․ Յովհան Ոսկենբարանի ժողովրդապետ ու թեմիս Դիւանապետ՝ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Տ. Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեանի, կիսասարկաւագներ Ժան Աճեմօղլուի եւ Լեւոն Եունքէսի։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան, ժողովրդապետ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Արարողութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Ս․ Յովհան Ոսկեբերանի եւ Ս․ Յակոբ Գթութեան Յարկի Հոգաբարձութիւնը, զորս անձամբ կը ներկայացնէին Ատենապետ Պրն. Պեռնար Սարըպայ եւ անդամներէն Պրն. Անթուան Սուլթանօղլու, նպաստելով այս հանդիպումին համար յատուկ հիւրասիրութեան, որ մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր «Ոսկեբերան» Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ։
Բոլոր եկեղեցիներէն եւ կրօնաւորական հասարակութիւններէն ներկայացուցիչներ կային, որ մեծ ուրախութեամբ մասնակցեցան այս երեկոյին. առաքինազարդ քոյրեր, լատին միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տեղական հոգաբարձութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս երեկոյեան։
Արարողութիւնը կատարուեցաւ հիմնականօրէն թէ հայերէն եւ թէ թրքերէն։ Միջանկեալ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն աղօթքներ ալ արտասանուեցան։ Ապա երգուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Նայեաց սիրով Հայրդ գթած» շարականը, որուն յաջորդեց «Հաւատով Խոստովանիմ»ի տասնեակ մը տուներու ընթերցումը։
Աղօթքի այս յատուկ պահը փակուեցաւ Մակար Եկմալեանի «Հայր Մեր»ի երգեցողութեամբ, որ կատարեց «Ոսկեբերան» դպրաց դասը, խմբավարութեամբ Զաւէն Ակայի եւ երգեցողութեամբ իր նուիրեալ անդամներուն։ Անոնց կ՚ընկերանային զանազան եկեղեցիներէն դպիրներ, որոնց միացաւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդը։
Այս շատ ճոխ եւ հոգեպարար արարողութեան արձակման վերջին օրհնութիւնը տուաւ Ամենապատիւ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որմէ ետք յիշատակի լուսանկար մը քաշուեցաւ։ Պատրիարք Հայրը եւ տեղւոյն Առաջնորդը պաշտօնական հիւրերուն հետ բարեւեցին ժողովուրդն ու շքախումբով բարձրացան ժողովրդապետութեան յարկը, ուր ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ օրուան յատուկ հիւրասիրութիւնը։