Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Առաջին Ս. Հաղորդութեան Արարողութիւն

Առաջին Ս. Հաղորդութեան Արարողութիւն

haber tarihi: 2023-04-16

Կիրակի, 16 Ապրիլին Զատկուան Նոր Կիրակիին, ժամը 10:30-ին Սաքըզաղաճը, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ, Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեանի կողմէն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ: Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Տէր Յակոբ Աւագ սարկաւագ Մինասեան։ Ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի նորընտիր հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Պրն Ենալ Գրիգոր Սուճի եւ պատուարժան անդամները։ Պատարագի ընթացքին Գերապայծառ Տէրը 15 մանուկներու Առաջին Հանդիսաւոր Սուրբ Հաղորդութիւնը տուաւ: Եկեղեցին լեցուցած էին պատանիներու ծնողները, ընտանիքներն ու բարեկամները։ Սուրբ Պատարագի աւարտին Արհի. Գերապայծառ Տէրը յիշատակի նուէրներ բաժնեց Սուրբ Խորհուրդը ընդունողներուն ապա Առաջնիորդարանի Աղաճանեան սրահին մէջ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ:

Յիշենք որ մէկ օր առաջ՝ Շաբաթ 15 Ապրիլին պատանիները կատարած էին Առաջին Խոստովանանքի խորհուրդը նոյն եկեղեցւոյ մէջ։

Անոնց կազմաւորումին պատասխանատու Հ. Վարդանին օգնեցին կիսասարկաւագներ՝ էմիլ Սաման եւ Լեւոն Եունքէս։


Galeri

example4