Տիարպաքըրի Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ
haber tarihi: 2023-06-03
Շաբաթ 3 Յունիս 2023, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի, դէպի Մարտին կազմակերպած ուխտագնացութեան Տիարպաքըրի հանգրուանին, Գերյարգելի Հ. Աբրահամ Ծ.Վրդ. Ֆրաթեան Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ։ Մէկ օր առաջ, նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Տիարպաքըր եւ Հայերը» խորագրով գիտաժողով մը, գործակցութեամբ Տիճլէ Համալսարանի։
Այսօր Առաջնորդ հայրը մեկնեցաւ դէպի Անգարա, մասնակցելու համար Թուրքիայի Հանրապետութեան վերընտրեալ նախագահ՝ Րեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան։
Վաղը՝ 4 Յունիս, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան դարձեալ պիտի վերադառնայ Մարտին, Սուրբ Պատարագով վերաբացումը կատարելու համար Մարտինի Սուրբ Յովսէփ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Կը յայտարարենք որ Մարտինի Սուրբ Պատարագը Կիրակի 4 Յունիսին՝ ժամը 12:00-ին պիտի մատուցուի։