Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Մարտինի Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագ

Մարտինի Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագ

haber tarihi: 2023-06-04

Կիրակի 4 Յունիս 2023, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Սուրբ Պատարագով վերաբացումը կատարեց Մարտինի Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ։ Այս արարողութեան մասնակցեցան Թուրքիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ եւ Իզմիրի Լատին Մետրոպոլիդ՝ Արհի. Տ. Մարթին Քմէթէջ, Յունաց Պատրիարքարանը ներկայացնող Արհի. Արքեպիսկոպոս Տէր Փայիսիոս, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցին ներկայացնող Արքեպիսկոպոս Արհի. Տ. Սալիպա, Սամաթիոյ ժողովրդապետ եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի Դիւանապետ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան եւ Իսթանպուլէն մեկնող դպիրներ եւ խումբ մը ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ ընտանիքներ։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան նաեւ տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ Հոգաբարձութիւնն ու Իսթանպուլէն մեկնող հոգաբարձութիւններէն ներկայացուցիչներ։


Galeri

example4 example