Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեանի այցելութիւնը «Ֆրանսըզ Ֆաքիրհանէսի» Հանգստեան Տունին

Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեանի այցելութիւնը «Ֆրանսըզ Ֆաքիրհանէսի» Հանգստեան Տունին

haber tarihi: 2023-06-08

Հինգշաբթի 8 Յունիս 2023 առաւօտեան ժամը 11:00-ին Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, ընկերակցութեամբ Գերյ. Հ Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանին, այցելեցին ժողովրդական լեզուով ճանչցուած «ֆրանսըզ ֆաքիրհանէսի» կոչուած «Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերու» Միաբանութեան մատակարարած Պոմոնթի շրջանին մէջ գտնուող հանգստեան տունը, ուր աւելի քան 70 տարեցներ միասին կ՚ապրին մէկ յարկի տակ, արժանանալով նուիրեալ կոյսերու ամենօրեայ խնամքին, աղօթելով անոնց հետ միասին եւ հասարակական կեանք մը կազմելով անոնց հետ։

Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ այցելութիւնը նախաձեռնութիւնն էր ու հրաւէրը Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ Ազնուափայլ Տիկնանց յանձնախումբին, որ տարին անգամ մը կը կազմակերպէ այցելութիւն մը տարեց հայրիկներուն ու մայրիկներուն, որոնց մեծ մասը հայազգի զաւակներ են։ Ոսկեբերան Եկեղեցասէր Տիկինները իրենց հետ ժպիտէն անդին կը տանին նաեւ նիւթական նպաստ մը եւ այդ օրուան ճաշը կը բաժնեկցին միասին։

Աւանդութիւն դարձած այս տարեկան այցելութիւնը սկսաւ սուրբ Պատարագով զոր մատուցանեն Գերյ. հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Գերապայծառ Տիրոջ կողմէն Տիկնանց Յանձնախումբին եւ Փոքրիկ քոյրերու հասարակութեան ուղղուած շնորհակալական խօսքէն ետք, հայր Վարդան օրուան խօսքին մէջ յիշեց թէ այսօրուան ծէսը կը յիշատակէ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ Աւետարանը կը պատմէ Յիսուսի պատասխանը Յովհաննէսի աշակերտներուն թէ Յիսուսով հրաշքներ կը պատահին, որոք իսկապէս կը հաստատեն թէ ան է փրկիչը։ Քարոզիչ վարդապետը հրաւիրեց հաւատացեալները ապաշխարելու եւ խոստովանելու իրենց մեղքերը, որպէսզի կարենան ապրիլ Յիսուսի ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ։

Ոսկեբերան Տիկնանց Յանձնախումբէն մասնակցող անդամներն էին՝ Տիկին Արուսեակ Սուլթանօղլու, Տիկին Մարի Միմար, Տիկին Մարքրիտ Թերտեքեան, Տիկին Ժանէթ Թարաքճի։

Սուրբ Պատարագին ծառայեցին կիսասարկաւագներ՝ Ժան Աճեմօղլու, Լեւոն Եունքէս եւ Էմիլ Սաման։

Հանդիսաւոր ճաշի աւարտին խնամքի այս տան մեծաւորուհի մայր Մերի Գերապայծառ Տիրոջ եւ Տիկնանց յանձնախումբին ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ հրաւիրեց որ նման այցելութիւններով հոգեւոր եւ հայկական մթնոլորտը անպակաս ընեն խնամքի այս տան երդիքին տակ։

Յիշենք որ Ոսկեբերան տիկնանց յանձնախումբը աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ պոլսահայ իրականութեան, ըլլայ իր նիւթական կամ բարոյական օժանդակութիւններով եւ ձեռնարկներով, որոնք յաճախ անյայտ կը մնան մարդոց աչքերէն բայց Աստուծոյ աչքէն բան չի վրիպիր։

Մեր սիրելի մայրերուն վարձքը կատար եւ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ։


Galeri

example4 example example example example example example example example