Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Հոգաբարձութիւններու Ընդհանուր Ժողով

Հոգաբարձութիւններու Ընդհանուր Ժողով

haber tarihi: 2023-06-12

Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նախագահութեամբ, նորընտրեալ հոգաբարձութիւններու ատենապետներու եւ անդամներու յատուկ ժողով մը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 12 Յունիսին ժամը 18:00-ին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ: Մասնակցող բոլոր հոգաբարձութիւնները խօսք առնելով ներկաներուն ներկայացուցին գալիք օրերու իրենց գործունէութիւնները եւ ծրագիրները: Եղբայրական մթնոլորտի մէջ գումարուած այս ժողովը շարունակութիւնն է Արհի. Առաջնորդ Տիրոջ նախաձեռնութիւններուն, որ մաս պիտի կազմէ այլեւս Թեմիս ընթացիկ վարչութեան, որպէսզի, մանաւանդ Վաքըֆներու միջեւ, որոնք թեմիս վարչական կարեւոր մէկ օղակն են, ներդաշնութիւնը եւ համագործակցութիւնը եւս աւելի զարգանայ։


Galeri

example4