ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
Yönetim
ԵՆԹԱԲԱԺԱՆՈՒՄ
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ
Իսկ փարիսեցիները, երբ լսեցին թէ պապանձեցուց սադուկեցիները, միասին հաւաքուեցան։ Անոնցմէ մէկը, որ Օրէնքի վարդապետ էր, փորձելով հարցուց. «Վարդապե՛տ, ո՞րն է Օրէնքի ամենամեծ պատուիրանը»։ Յիսուս պատասխանեց. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր մտքովդ. այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Իսկ երկրորդը` ասոր նման է։ Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններուն վրայ հիմնուած են ամբողջ Օրէնքն ու Մարգարէները»։ Երբ փարիսեցիները հաւաքուեցան` Յիսուս հարցուց անոնց. «Ի՞նչ կը խորհիք Քրիստոսի մասին, որո՞ւ որդին է»։ «Դաւիթի», պատասխանեցին։ Յիսուս աւելցուց. «Իսկ ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զինքը Տէր կը կոչէ եւ կ'ըսէ։ Տէրը ըսաւ իր տիրոջս. Նստէ՛ աջ կողմս, մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ։ Իսկ եթէ Դաւիթ զինքը Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս կրնայ անոր որդին ըլլալ»։ Ոչ ոք կրնար անոր պատասխան տալ. եւ այդ օրէն ետք` ո՛չ ոք կը համարձակէր իրեն բան մը հարցնել։ Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ ժողովուրդին եւ աշակերտներուն` ըսելով. «Մովսէսի աթոռը նստան դպիրներն ու փարիսեցիները. ինչ որ ըսեն անոնք ձեզի` ըրէք ու պահեցէք, բայց իրենց գործերուն համեմատ մի՛ գործէք. որովհետեւ կ'ըսեն բայց չեն ըներ։ Ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը կապեն ու մարդոց ուսերուն վրայ կը դնեն, եւ իրենք` մատո՛վ անգամ չեն ուզեր շարժել զանոնք։ Իրենց բոլոր գործերը կը կատարեն մարդոց երեւնալու համար. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները եւ կ'երկնցնեն զգեստներու քղանցքները. կը սիրեն խնճոյքներու մէջ առաջին տեղերը գրաւել եւ ժողովարաններու մէջ` առաջին աթոռները, հրապարակներու վրայ ողջոյն ընդունիլ եւ մարդերէն կոչուիլ «Ռաբբի՛, Ռաբբի՛»։ Բայց դուք ո՛չ մէկը վարդապետ կոչեցէք, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր ուսուցիչը եւ դուք ամէնքդ եղբայրներ էք։ Երկրի վրայ ո՛չ մէկը ձեզի հայր մի՛ կոչէք, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Հայրը` որ երկինքն է։ Մի՛ կոչուիք ուսուցիչ, որովհետեւ ձեր ուսուցիչը Քրիստոսն է։ Եւ ձեր մէջէն մեծը` թող ձեր սպասաւորն ըլլայ։ Ո՛վ որ իր անձը բարձրացնէ` պիտի խոնարհի, եւ ո՛վ որ իր անձը խոնարհեցնէ` պիտի բարձրանայ։
Մատթէոս 22, 34 - 23, 12