Մուտքի մէջ > ԼՈՒՐԵՐ > Թարապիայի, Սուրբ Անտոն եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ

Թարապիայի, Սուրբ Անտոն եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ

haber tarihi: 2023-06-18

Կիրակի 18 Յունիս 2023 առաւօտեան ժամը 11:00-ին Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Թարապիայի Սուրբ Անտոն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Առընթերակայ քահանաներն էին Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան։ Մասնակցեցաւ նաեւ Արժ. Տ. Հայկ Արամ քհն. Չէքիճ։ Սուրբ Սեղանին ծառայեցին Տ. Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան, Կիսասարկաւագ Ժան Աճեմօղլու եւ Ճան Եօնթան։ Երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան Դպրաց դասը ղեկավարութեամբ Զաւէն Ակայի։ Ներկայ էին Աբելօղլու hոգաբարձութեան ատենապետը Ալէքս Գալփաքճեան եւ զանազան հոգաբարձութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։

Գերապայծառ Տէրը իր քարոզին մէջ յիշեց անցեալի հայ կաթողիկէ համայնքին երբեմնի փառքը եւ անցեալ սերունդներուն համար հաւատացեալի տիպարը գծելով, այսօրուան համար որպէս օրինակ ներկայացուց եւ հրաւիրեց այսօրուան սերունդները նոյնքան համայնքը սիրող հաւատացեալներ ըլլալու։

Սուրբ Պատարագի վերջին աղօթքէն առաջ, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. խօսք առնելով շնորհաւորեց հայրերու տօնը եւ մանաւանդ Գերապայծառ Տէրը, որ ինչպէս գլուխն է նաեւ հայրն է մեր համայնքին, ըսաւ ան, ապա Գերապայծառ Տիրոջ նուիրեց ձեռաց խաչ մը կարմիր լաթով, որպէսզի անով օրհնէ ժողովուրդը իր հայրական օրհնութիւններով։

Սուրբ Պատարագին աւարտին հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Սուրբ Անտոն Փատովացիի անուան նուիրուած այս եկեղեցին շինողներուն հոգիներուն համար մանաւանդ Թընկրեան գերդաստանի համար, որոնց աճիւնները կը հանգչին նոյն եկեղեցւոյ մէջ։

Այս Սուրբ Պատարագը նշեց ամառնային շրջանին բացումը, որով Թաքսիմի Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագները կը դադրին եւ Պիւյիւքտէրէյի մէջ կը մատուցուին մինչեւ Սուրբ Խաչի տօնը։ Ոսկեբերան կը մնայ միշտ բաց հաւատացեալներուն առջեւ նոյնիսկ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը մինչեւ կէսօր։ Շաբթուան այլ օրերուն ալ առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ 16:00։


Galeri

example4 example example example example example example