Աւետման Տօն
Աւետման Տօնին առթիւ, Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողորդապետութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալները Ուրբաթ 25 Մարտի երեկոյեան ժամը 19:00-ին (Հռոմի ժամով՝ 17:00), որպէսզի միանան Սրբազան Քահանայապետ՝ Փրանկիսկոս Պապին եւ աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար։ Դպրաց դասին հետ պիտի աղօթենք Խաղաղական ժամերգութիւնը ապա Աւետման տօնին առթիւ պիտի մատուցուի սուրբ Պատարագ ու պիտի կատարուի Մարիամի սուրբ Սրտին նուիրուած Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը։