Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մայր Տաճարին մէջ Զատկուան Տօնը

10.04.2026

05.04.2026 թուականին Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մայր Տաճարին մէջ Զատկուան Տօնը հանդիսաւորապէս տօնակատարուեցաւ նախագահութեամբ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թաք.Ծյր.Վրդ. Կիրակոս Գազանճեանի:

Խուռներամ մասնակցութեամբ հաւատացեալներու ներկայութեան, Սուրբ Պատարագին ընթացքին Գերապայծառ Տէրը իր քարոզին մէջ փոխանցեց Յարութեան աւետիսը։

Սուրբ Սեղանին սպասաւորեցին՝  Գերյարգելի Հայր Աբրահամ Ծյր. Վրդ.Ֆըրաթ, Տէր Յակոբ Աւաք Սրկ. Մինասեան, կիսասարկաւագներ Ժան Աճեմօղլու եւ Լեւոն Եունքէս, դպիրներ Ճան Եօնթան Այտըն Օղմէն, Նորայր Օզանթ, Չեթին Օղմէն, Մուրատ Սեմերջեան, Լուքաս Աթսուպ, Սթեֆան Ուղուրկել, Անթոնի Ճելալ, Ռոպին Օղմէն, ինչպէս նաեւ Ոսկեբերան Երգչախումբը՝ Զաւէն Աղայի ղեկավարութեամբ։

Քառասուն տարիէ աւելի չհնչած Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մայր Տաճարի զանգերը, այս ուրախ Յարութեան օրը, Սուրբ Պատարագին ընթացքին՝ Հաւատամքի ընթերցման պահուն, կրկին հնչեցին։ Գերապայծառ Տէր Վարդան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հիմնարկի վարչութեան նախագահին եւ անդամներուն՝ զանգերու քառասուն տարիէ ետք վերանորոգ հնչեցման գործին մէջ ունեցած իրենց ներդրումին համար։ Ան այս ուրախ լուրը նուիրեց համայնքի երէցներուն։ Համայնքի երէցները ներկայացնելով՝ Տոքթ. Էմիլ Խաչիկ Տիւղմեճի, Սերովբէ Չուպուքքերեան, Յովսէփ Տիլլի եւ Սարգիս Քոչեան արժանացան յուշանուէրներու։

Սուրբ Պատարագէն ետք Գերապայծառ Տէրը շնորհաւորուեցաւ հաւատացեալներուն հետ եւ ներկաներուն բաժնեց Զատկական չորեք։


Պատկերասrահ