2026 Առաջին Հանդիսաւոր Հաղորդութեան Արարողութիւն

13.04.2026

12.04.2026 Կիրակի օրը, Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ կազմակերպուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ Առաջին Հանդիսաւոր Հաղորդութեան արարողութիւնը։ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թաք.Ծյր.Վրդ. Կիրակոս Գազանճեանի նախագահութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագէն ետք, արարողութեան ընթացքին Ատել Եըլտըրմազ, Ճան Պաքըր եւ Լէօ Սուչի ստացան իրենց Առաջին Հաղորդութիւնը։

Սուրբ Պատարագին սպասաւորեցին՝ Գերյարգելի Հայր Աբրահամ Ծյր. Վրդ.Ֆըրաթ, Հայր Միքայէլ Վարդապետ Ուչար,Տէր Յակոբ Աւաք Սրկ. Մինասեան,   կիսասարկաւագներ Ժան Աճեմօղլու եւ Լեւոն Եունքէս,   դպիրներ Ճան Եօնթան, Նորայր Օզանթ, Մուրատ Սեմերճեան, Այտըն Օղմէն, Չեթին Օղմէն, ինչպէս նաեւ Ոսկեբերան Երգչախումբը՝ Զաւէն Աղայ ղեկավարութեամբ։

Գերապայծառ Տէրը իր քարոզին մէջ յիշեցուց Հաղորդութեան խորհուրդը թէ՛ ծնողներուն, եւ թէ՛ Առաջին Հաղորդութիւն ստացող մանուկներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շրջանի ընթացքին մանուկներուն հոգեւոր առաջնորդութիւն ցուցաբերող Հայր Աբրահամ եւ Հայր Միքայէլին, Տէր Յակոբին, ինչպէս նաեւ կրթական եւ կազմակերպչական պարտականութիւնները ստանձնած Լեւոն կսրկ. Եունքէս եւ Փընար Կենչ Աղային։

Արարողութեան աւարտին մանուկները Գերապայծառ Տիրոջ հետ կտրեցին տօնական կարկանդակը՝ կիսելով իրենց ուրախութիւնը։


Պատկերասrահ