Առաջին հանդիսաւոր հաղորդութեան փորձ եւ Ապաշխարութեան Խորհուրդը
11.04.2026 Շաբաթ օրը, Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ, Առաջին Հանդիսաւոր Հաղորդութեան առիթով կատարուեցաւ Ապաշխարութեան Խորհուրդը։ Ապաշխարութեան Խորհուրդին ընթացքին Գերյարգելի Հայր Աբրահամ Ծյր. Վրդ.Ֆըրաթ առաջնորդեց մանուկները։ Ապա տեղի ունեցաւ արարողութեան փորձը եւ մանուկներուն համար կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյդ։ Տէր Յակոբ Աւաք Սրկ. Մինասեան մանուկներուն ընթերցման փորձերը կատարեց։ Լեւոն կսրկ. Եունքէս բացատրեց Սուրբ Սեղանի կարեւորութիւնը, իսկ Փընար Կենչ Աղայ մանուկներուն ներկայացուց արարողութեան մանրամասնութիւնները։
Փորձէն ետք մանուկները միասին ճաշեցին ու զրուցեցին՝ վայելելով իրենց հացը կիսելու ուրախութիւնը։