ՅԻՍՈՒՍ ԻՐԵՆՆԵՐԷՆ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ
Այն ատեն Երուսաղէմ նաւակատիքի տօն էր։ Ձմեռ էր։ Եւ Յիսուս կը պտըտէր տաճարին մէջ, Սողոմոնին Սրահը։ Հրեաները անոր չորս կողմը առին ու ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք։ Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։ Բայց դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի: Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ որպէսզի յաւիտեան չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս չյափշտակէ զանոնք։ Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ ոչ մէկը կրնայ իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել։ Ես ու Հայրս մէկ ենք»։