2 Ապրիլ 2026, Աւագ Հինգշաբթի

08.04.2026

2 Ապրիլ 2026, Աւագ Հինգշաբթի օրը, Բանկալթի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Գերապայծառ Տէր Վարդան Գազանճեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ Ոտնլուայ։

Գերյարգելի Հայր Յակոբոս Ծ.Վրդ. Չոփուրեան, Գերյարգելի Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթ, Տէր Յակոբ Աւագ Սրկ. Մինասեան, Ժան Կսրկ. Աճեմօղլու, Լեւոն Կսրկ. Եունքէս, դպիր Նորայր Օզանթ, Ոսկեբերան երգչախումբի անդամներ Փնար Կենչ Աղայ եւ Խաչատուր Ներսէսօղլու եւ Բանկալթի Անարատ Յղութեան երգչախումբը ծառայեցին Սուրբ Պատարագին։

Գերապայծառ Տէրը լուաց Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներուն ոտքերը։ Ան իր քարոզին մէջ հարցումներ ուղղեց երեխաներուն եւ գովեց անոնց լաւ պատասխանները։ Ան նշեց, թէ հաւատարմութիւն, նուիրուածութիւն եւ ընկերներուն ծառայութիւն ամէն քրիստոնեային պարտականութիւնն է։

Նաեւ շեշտեց դաւաճանութիւն չընել, կրնակէն չհարուածել եւ օգնել։ Այս առաքինութիւնները կը կազմեն քրիստոնէական ինքնութիւնը։

Վերջապէս ան իր խօսքերուն մէջ խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին։


Պատկերասrահ