Ծաղկազարդ 2026

30.03.2026

29 Մարտ 2026 Կիրակի օրը, Ծաղկազարդի առիթով, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագ եւ Դռնբացէքի Արարողութիւն հանդիսապետութեամբ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ հաւատացեալներու մեծ մասնակցութեամբ, որմէ ետք օրհնուեցան եւ բաժնուեցան ձիթենիի ճիւղերը։ Քրիստոս Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ տօնուեցաւ երեխաներու կողմէ ձիթենիի ճիւղերով թափօրին մասնակցութեամբ։

Գերապայծառ Տէր Վարդան իր քարոզին մէջ, նկատի ունենալով ձիթենիի ճիւղերու խաղաղութիւնը խորհրդանշելը, այս սուրբ օրուան առիթով փոխանցեց խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ ուրախութեան պատգամներ։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու խաղաղութեան համար՝ թէ՛ իրենց անձնական կեանքերուն, թէ՛ աշխարհին համար։

Սուրբ սեղանին ծառայեցին՝ Գերյարգելի Հայր Աբրահամ Ծ. Վարդապետ Ֆըրադեան, Տէր Հայկարամ Քահանայ Չէքիճ, Տէր Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան, Ժան Կսրկ. Աճեմօղլու, Լեւոն Կսրկ. Եունգէս, դպիրներ՝ Ճան Եոնթան, Չեթին Օղմէն, Նորայր Օզանթ, Մուրատ Սեմերճեան, Անթոնի Ճելալ, եւ Ոսկեբերան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Զաւէն Աղայի։

Լուսանկարներ՝ Լուսին Աուրորա


Պատկերասrահ