Ոտնլուայի արարողութիւն եւ Խաւարման եւ Լացի Գիշերի աղօթքները 2026
Ապրիլ 2-ի Մեծ Հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, Գերապայծառ Տէր Վարդան Գազանճեանին նախագահութեամբ, կատարուեցան Ոտնլուայի արարողութիւն եւ Խաւարման եւ Լացի Գիշերի աղօթքները։ Գիշերուան ընթացքին շարունակուող աղօթքներուն մասնակցեցան Հայր Աբրահամ Ծ.Վ. Ֆըրաթ, Ժան Կսրկ Աճեմօղլու, Լեւոն Կսրկ Եունքէս, Դպիրներ Ճան Եոնթան եւ Նորայր Օզանթ, իսկ Ոսկեբերան Երգչախումբը, Զաւէն Աղայի ղեկավարութեամբ, իր ծառայութիւնը մատուցեց։ Գերապայծառ Տէր Վարդան, Ոտնլուայի առթիւ իր քարոզին մէջ ընդգծեց օգնութեան եւ ծառայութեան կարեւորութիւնը մէջբերելով Յիսուսի խօսքը ըսելով թէ ինչ որ ես ձեզի ըրի, դուք ալ պարտիք նոյնը ընել իրարու հետ։