Կենսագրութիւն Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեանի

Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ.Ծ.Վրդ.  Գազանճեանի
Կենսագրութիւնը
Գերապայծառ Տէր Վարդան Կիրակոս Գազանճեան ծնած է 24 Մայիս 1967-ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ 
1983-ին մուտք գործած է Լիբանանի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Դպրեվանքը։ 1986–1991 տարիներուն միջեւ, ուսումը շարունակած է Հռոմ՝ Դոմինիկեան Հայրերու Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի Համալսարանին մէջ, ուր ստացած է Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան ակադեմական վկայականները։ 
Լիբանան վերադառնալէ ետք, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին մէջ հետեւած է Հայագիտական պատրաստական դասընթացքներու։ Այս նախապատրաստական տարուան աւարտին, 26 Ապրիլ 1992-ին, ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, ձեռնադրուած է քահանայ՝ որպէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ։ 
Իր հովուական առաջին պաշտօնը վարած է Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ երկու տարի ժամանակաշրջանով։ 1994-ին, Հռոմի Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան կողմէ նշանակուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի փոխտեսուչ։ Միեւնոյն ժամանակ, մասնակցած է Հռոմի Սալեզեան Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած կազմաւորման դասընթացքներուն։ Իր պաշտօնին կողքին, չորս տարի շարունակած է իր ուսումը Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Արեւելեան Հաստատութեան (P.I.O.) Եկեղեցական Գիտութիւններու մասին մէջ, ուր ստացած է ծիսագիտութեան եւ եկեղեցական լիսանսի վկայականը։ 
2001-ին, Զմմառու Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին ընտրուած է Վարչութեան անդամ՝ վեց տարի ժամանակաշրջանով ստանձնելով Ընդհանուր Քարտուղարի եւ մշակութային գործերու պատասխանատուի պաշտօնը։ 
2007-ին պաշտօնի կոչուած է Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, միաժամանակ հետեւելով Լիբանանեան Մարոնի Միաբանութեան Քասլիքի Սուրբ Հոգի Համալսարանի (USEK) Ծիսագիտութեան հաստատութեան Արեւելեան Ծիսագիտութեան դասընթացքներուն։ 2015-ին ստացած է Մագիստրոսի (Master’s) աստիճան՝ Ծիսագիտութեան ճիւղին մէջ։ 
Այս շրջանին, վարած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Աւետիք» պաշտօնական պարբերաթերթի տնօրէնութիւնը, եղած է Պատրիարքութեան ընկերային հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատուն եւ ստանձնած է լուսահոգի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի անձնական քարտուղարի պաշտօնը։ 
2010-ին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի արտօնութեամբ, հիմնած է «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Մշակութային Կեդրոնը։ Հինգ տարի շարունակ այս կեդրոնին միջոցով աշխատանքներ տարած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ դպրոցներէն ներս հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ուղղութեամբ։ 2010–2014 տարիներուն հրատարակած է «Հայ Մանկավարժ» կրթական հանդէսի վեց հատորները։ 
2012 թուականէն ի վեր կը շարունակէ դասաւանդել Լիբանանի Զմմառու Հայ Դպրեվանքին մէջ։ Այժմ նաեւ հայ ծէսի ներածական դասախօսութիւններ կու տայ Քասլիքի Սուրբ Հոգի Համալսարանին մէջ։ 
2016-ին, Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսութեան պատկանող Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ մէջ նշանակուած է հոգեւոր հովիւ եւ ժողովրդապետ։ Նոյն տարին Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան իրեն շնորհուած է Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանը։ 
2023-ին նշանակուած է Թեմին Ընդհանուր Փոխանորդ։ 4 Յունուար 2024-ին, Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանի հրաժարականէն ետք, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նշանակած է զինք Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Վիճակին Պատրիարքական Կառավարիչ, Առաջնորդական Տեղապահ եւ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հոգեւոր Պետ։ Ներկայիս մինչ Արքեպիսկոպոասկան Աթոռը թափուր է, ան կը շարունակէ վարել այս պաշտօնը։ 
Մայիս 2026