Rahipler (ARM)
İçerik yakında...
ԵՆԹԱԲԱԺԱՆՈՒՄ
Շաբթուայ Խօսքը
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Հետեւեալ օրը ժողովուրդէն շատեր որոնք տօնին եկած էին, երբ լսեցին թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, Արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ՚աղաղակէին. «Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տիրոջ անունով կու գայ»։ Յիսուս աւանակ մը գտնելով՝ անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ահա քու Թագաւորդ կու գայ իշու աւանակի վրայ նստած»։ Աշակերտները առաջ չիմացան այն բաները, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն իրենց մտքին բերին թէ այս բաները անոր համար գրուած էին եւ թէ իրենք այս բաները ըրին։ Իրեն հետ եղող ժողովուրդը կը վկայէր թէ ա՛ն Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց ու մեռելներէն յարուցանեց զանիկա։ Ասոր համար ալ ժողովուրդը զանիկա դիմաւորեց, վասն զի լսեցին թէ անիկա այս հրաշքը ըրած էր։ Իսկ փարիսեցիները իրարու կ՚ըսէին. «Կը տեսնէ՞ք որ օգուտ մը չենք կրնար ընել. ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։
ՔԱՆԻ ՄԸ ՅՈՅՆԵՐ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ
Անոնց մէջ կային քանի մը յոյներ որոնք եկած էին տօնին երկրպագութիւն ընելու: Ասոնք եկան Փիլիպպոսին որ Գալիլիայի Բեթսայիդայէն էր եւ կ՚աղաչէին անոր ու կ՚ըսէին. «Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսուսը տեսնել»։ Փիլիպպոս եկաւ ու Անդրէասին ըսաւ եւ յետոյ Անդրէաս ու Փիլիպպոս միասին լուր տուին Յիսուսի։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Մարդու Որդին։
— Յովհաննէս 12, 12-23