ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու երեցները անոր եկան եւ ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ՚ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսի մկրտութեան իշխանութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ՚ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. Իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնանք, վասն զի ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր»։ Ուստի պատասխան տալով՝ ըսին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները»։